2017-01-30 14:27:00

Յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին` կարդինալ Փարոլինի հեռագիրը Քէպէքի Արքեպիսկոպոսին։


(Ռատիօ Վատիկան) Քէպէքի մէջ մահմետական մշակոյթի կեդրոնի մը դէմ ահաբեկչական արարքին ի լուր, որ պատճառած է անթիւ մեռեալներ ու վիրաւորներ, երկուշաբթի, 30 յունուարին, Վատիկանի Պետական քարտուղար՝ կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, յանուն ֆրանչիսկոս Պապին հեռագիր մը ուղղեց Քէպքէքի թեմի արքեպիսկոպոս ՝ Կարդինալ Ժերարտ Լաքրուային։

Հեռագիրին մէջ կարդինալը յայտնած է , թէ Ֆրանչիսկոս Պապ  իմանալով Քէպէքի մէջ մահմետական կեդրոնի դէմ գործադրուած  ահաբեկչական արարքին լուրը, Աստուծոյ ողորմածութեան  յանձնած է  բոլոր զոհերը, եւ աղօթքով կը միայանայ անոնց կորուստը ողբացող ընտանեկան պարագաներուն։ Սրբազան Հայրը իր մօտիկութիւնը կը յայտնէ վիրաւորներուն,  անոնց հարազատներուն ինչպէս նաեւ շտապ օգնութեան հասնող  բոլոր  անձերուն­,  խնդրելով Տիրոջմէ որ մխիթարութիւն եւ սփոփանք շնորհէ տառապեալներուն ։

Կարդինալ Փարոլին, հեռագիրին  մէջ  ապա  գրած է,  թէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ անգամ մը եւս խստիւ կը դատապարտէ ահռելի ցաւ պատճառող բռնութիւնները եւ Աստուծմէ կը հայցէ փոխադարձ յարգանքի եւ խաղաղութեան պարգեւը։

Հեռագիրի աւարտին Կարդինալ Փարոլին գրած է ՝՝Ֆրանչիսկոս Պապ Աստուածային օրհնութիւնները կը շնորհէ  Տառապող ընտանիքներուն եւ  ողբերգական արարքին  զոհ գացող անձերուն­,  ինչպէս նաեւ Քէպէքի  բովանդակ բնակչութեան։

Յայտնենք,  թէ Ֆրանչիսկոս  Քահանայապետ,  երկուշաբթի, 30 յունուարին՝ առաւօտեան,  անձամբ տեսնուած է ՔԷպէքի արքեպիսկոպոսին հետ եւ անոր ապահովուած  է իր աղօթքը՝ զոհերուն­, վիարաւորներուն  եւ անոնց ընտանեկան պարագաներուն։

Ֆրանիչսկոս Պապ ընդգծած  է ,  այս  պահերուն, քրիստոնեաներուն եւ մահմետականմերուն   միասնաբար գտնուելու  կարեւորութիւնը ՝ աղօթքի միջոցաւ ։ Կարդինալ Լաքրուա, ֆրանչիսկոս Պապին հետ հանդիպումէն անմիջապէս ետք մեկնած է Քանատա։  

 








All the contents on this site are copyrighted ©.